2016-10-09 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնն ու աղօթքը` Հայիթիի բնակչութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 9 հոկտեմբեր 2016-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Մարեմեան Յոբելեանի առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը նոյն վայրէն արտասանեց Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որմէ առաջ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ մատնանշեց Հայիթիի մէջ Մեթիու Մրրիկի պատճառած աւերներուն ու զոհերուն յայտնելով որ մեծ ցաւով իմացաւ այդ լուրը ու թէ մօտիկ է  մրրիկի թիրախ համայն բնակչութեան ու այս առընչութեամբ վստահութիւնը կը դնէ միջազգային հասարակութեան զօրակցութեան զգացումին վրայ ինչպէս նաեւ կաթողիկէ հաստատութիւններու ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց վրայ։

Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց հաւատացեալները միանալու իր աղօթքին` ի սպաս մրրիկի թիրախ եղբայրներուն ու քոյրերուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց ապա Սպանիոյ Օվիէտօ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցած չորս նոր երանելիներու երանացումի արարողութեան ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած բոլոր ուխտաւորները ու յատկապէս մարեմեան ջերմեռանդութեան ընկերակցութիւնները։

''Շնորհակալ եմ ձեր ներկայութեան համար, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ձեր հետ միասին կ՛ուզեմ կրկնել Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերը արտասանուած` 8 հոկտեմբեր 2000-ին երբ Յոբելեանը յանձնեց Մարիամի Հովանիին. ''Ով Մայր...քեզի կ՛ուզենք վստահիլ ապագան որ մեզ կը սպասէ։ Մարդկութիւնը...կարող է այս աշխարհը դարձնել շքեղ պարտէզ մը եւ կամ զայն վերածել աւերակոյտի''։ Այս խաչմերուկին դիմաց թող որ Սուրբ Կոյսը օգնէ մեզ ընտրելու համար կեանքը եւ ընկալելու ու իր գործ դնելու մեր Փրկիչ Քրիստոսի սուրբ Աւետարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.